Ձ Օ Ն Ե Ր Գ
Այս հրատարակութիւնը կը նուիրեմ
95 տարեկան ժիր և համեստափայլ
ՏԻԿԻՆ ԱՐՄԻՆԷ ԻՅՆԷՃԱՆԻ
որ
Մշտաջանօրէն կը կատարէ ստուգումները
Կանթեղալոյս հրատարակութեան:
Աստուած աւելիոՙվ վարձատրէ այս խոնարհ
և
Կամաւոր գործակցութիւնը և պահէ զինք
Առողջ և հեռու փորձանքներէ:
ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՈԳԻ Է, ԼՈՅՍ Է, ՍԷՐ Է
Յով. Դ.24, Ա. Յով. Ա.1, Ա. Յով. Դ.8, 16
Անբաւելի և Անպարփակ, Ամենատես և Ամէնուրէք Տէրը՚ Աստուած Իՙնքն է: Պատմութեան սկիզբէն ի վեր, մարդ արարած եղած է աստուածապաշտ: Անաստուածութիւնը atheism սկսաւ 18-րդ Դարէն յետոյ: Հեթանոս կամ վայրենի կոչուած բոլոր մարդկային քաղաքակրթութիւնները հիմնուած են աստուածպաշտութեան՚ բնականօրէն անբացատրելի զօրութեան մը վրայ:
Աստուած, գերբնական և գերզգայական, ենթակայ չէ սահմանումի, բանական կամ զգայական ճանաչման, այլ Յայտնութիւնն է Իր Յիսուս Որդւոյն մարմնացեաՙլ Մարդեղութեամբ միայն:
Գտնել զԱստուած վերջնականապէս ու ամբողջապէս անհնարին է, իսկ չփնտռելը՚ կործանարար: Մարդկութիւնը աւելի շատ պէտք ունի Աստուծոյ, քան երկիրն ու միւս մոլորակները՚ Արեւին: Իմացականութիւնն ու կամքը մարդկային հոգւոյն վրայ կը նշմարեն լոՙյսը հզօր Էակի մը, որ կ՛իրագործէ մարդոց մէջ ճշմարիտը, բարին, օրինականը բացարձակ և անհուն կերպով, անիկա Աստուած է: Աստուած Բարեհաճ է չարերուն և ապերախտներուն հանդէպ: «Գթաՙծ եղէք, ինչպէս որ ձեր Հայրը գթած է» ըսաւ Յիսուս:--Ղուկ. Զ.35:
Սկզբնական շրջանին կրօնքի մէջ ընդունուած են բազմաթիւ աստուածներ որոնցմէ մէկը համարուած էր գերագոյն աստուած: Յոյներու մօտ՚ Զեւսը, իսկ Հայերու մօտ՚ Արամազդը: Նախնական մարդուն համար, Աստուած մարդակերպ Էակ մըն էր, յետոյ Ան դարձաւ Հոգի, անհուն Զօրութիւն և ի վերջոյ բարեգութ Ողորմութիւն և Սէր՚ Յիսուս Որդւոյն յայտնութեամբ:
Ըստ Եզնիկ Կողբացիի, միակ և իրական էութիւնը Աստուած է, մշտնջենական, ոչինչով պայմանաւորուած, բայց ամէն ինչի պատճառ հանդիսացող Էակը: Իդէալիստական փիլիսոփայութեան ըմբռնումով՚ մշտնջենաւոր է Իր տիեզերական զօրութիւնը, Իՙնքն է նախապատճառը և նախասկիզբը ամէն բանի:
Եգիպտացիք կը պաշտէին արեգակը՚ Օզիրիս անունով որպէս աստուած: Պարսիկներու համար Որմիզդը բարի արարածներու աստուածն էր, իսկ Ահրիմանը չարերու: Հեփեստոսը յունաց դիցաբանութեան մէջ ճարտարարուեստի աստուածն էր, Աթենասը իմաստութեան աստուածուհին: Յունաց դիցաբանութեան մէջ, Զեւսը երկնքի և երկրի աստուածն էր, Պոսիդոնը Ծովու, Պլուտոնը ստորերկրեայ աշխարհի:
Միաստուածեան կրօններու մէջ, ան ճանչցուած էր որպէս գերագոյն Էակը, որ ստեղծած է երկինքն ու երկիրը և ամէն ինչ որ կայ, և կը խնամէ զանոնք: Եբրայեցիք Եհովա կը կոչէին Զայն, Իսլամները՚ Ալլահ, Քրիստոնեաները՚ Հաՙյր Երկնաւոր: Այժմ անուանական քրիստոնեաները ուրանալով իրենց Աստուածը կ՛երկրպագեն դրամը, հեշտանքը և փառամոլութիւնը, ու կ՛ըսեն. «Բնութիՙւն, դոՙւն ես մեր աստուածը միայն քեզի կը հնազանդինք...»:
Պօղոս Առաքեալ ներշնչման ու հոգեկան յափշտակութեան մը պահուն կ՛ըսէ.
«Օ՜, ի՜նչ խորունկ են Աստուծոյ առատ ողորմութիւնը, իմաստութիւնն ու գիտութիւնը: Որքա՜ն անքննելի են անոր վճիռները, և անզննելի են անոր ճամբաները: Եւ իրապէս, "Ո՞վ կրցաւ երբեք Տիրոջ միտքը կարդալ, Կամ ո՜վ երբեք խորհուրդ տուաւ անոր. որ փոխարէնը առնելիք ըլլայ անկէ»: Որովհետեւ ամէն ինչ իրմէ է, իրմով և իրեն համար գոյութիւն ունի: Յաւէտ փա՜ռք Իրեն: Ամէն»--Հռոմ. ԺԱ.33-36:
Աստուած մէկ է իր իսկութեամբ և բնութեամբ և բազում Իր յատկանիշներով և հանգամանքներով: Աստուած գիտականօրէն ապացուցանելի չէ, որովհետեւ վերանցական է transcendent. Աստուած տարրեղէն կերպարանք չընդունիր և մարմնիՙ աչքի տեսողութեան չի ենթարկուիր: Ոչ միայն ձեռքով չի շօշափուիր, այլ մտքով ալ չվերլուծուիր, իսկ եթէ Ինք կամենայ կը ճանչցուի Իր արժանաւոր հաւատացեալներէն: Աստուածորդի Յիսուս, սապէս յայտնաբանած է Հաՙյրը, ըսելով.
«Ամէն ինչ տրուեցաւ ինծի իմ Հօրմէս. և ոչ ոք կը
ճանչնայ Որդին, եթէ ոչ՚ Հայրը. և ոչ ոք կը ճանչնայ
Հայրը, եթէ ոչ՚ Որդին, և ան՚ որուն ուզէ յայտնել Որդին»
Մատ. ԺԱ.25-27:
Գոյացութիւններու իսկութիւնը անխուզարկելի: Նիւթ ըսուած բանին իսկութիւնը անխորաչափելի է: Տիեզերքի իրականութեանց իսկութիւնը հասկնալու համար, երբ չափէն աւելի մօտենանք, մայր բնութիւնը կ՛արգիլէ:
1. Երեւոյթները որոշ հեռաւորութենէ մը դիտելու ենք:
2. Քանի ստեղծագործութեան ստեղնաշարին վրայ բարձրանանք, գործօն սկզբունքն ու տիրապետող երեւոյթը հետզհետէ որպէս լոՙյս կ՛երեւի:
Սրբութիւնը ոՙչ թէ Աստուծոյ ստորոգելիներէն մին պարտ է ճանչնալ, այլ՚ խորագոՙյն իսկութիւնն է Աստուծոյ: Հայ Պատարագամատոյցը կը սկսի.
«Խորհուրդ Խորին, անհաս անսկիզբ»:
Ոհ, ի՞նչ հիասքանչ Արարիչ է Աստուած:
1. Տիեզերք մը ուր 100 միլիար ծիր կաթիններ (galaxy), որոնց իւրաքանչիւրը կը պարունակէ աւելի քան 100 միլիար աստղ, որոնք կը յայտնացուցանեն ստեղծագործ զօրութիւնը անճառելի Արարիչին:
2. Մարդկային ուղեղը 3.3 lb. կշռող հիւսուածքի զանգուած մը կը ներկայացնէ, որ 5Օ-100 միլիար ջղաբջիջներ neurons ունի, որոնց իւրաքանչիւրը 10,000 օղակներով շղթայուած են իրարու: Միթէ ասոնք ապացոյց մը չե՞ն իմաստալից և արարչագործ Զօրութեան մը գոյութեան:
Հակառակ այդ բոլորին, Աստուած անանուն Մէկը չէՙ: Աստուած, "անիկա" մը, "անոնք" մը, "թաղեցի" մը չէՙ, այլ Բարեկաՙմ մըն է, որ Անուն ունի ու Անոր հետ կրնանք յարաբերիլ: Աղօթքը կը սկսի երբ այդ Ամենակալը և Հեռաւորը կը դառնայ Մերձաւոր և հետը կը խօսինք որպէս Հայր Երկնաւորը, "Դուն"-ով եզակի, ու ոչ յոգնակի:
Պայծառ երկնակամար մը կը յիշեցնէ մեզի, թէ Արարիչ Աստուած իրապէս, ստուգապէս և անհամեմատօրէն տարբեր է արարչագործ ստեղծագործութենէն: Ինչպէս փայլատակող աստղ մը հակադրութիւնն է իր խաւար շրջապատ միջոցին, նոյնպէս է նաեւ աստուածային Լոյսը մարդու մտքին:
Մարդկային մօտեցումը առ Աստուած պարտ է ըլլալ խո՜ր ու ծնրադիր յարգանօք ու խոնարհութեամբ: Աստուածաբանակաՙն խոր- հրդաբանութենէ յետոյ իսկ, մեր ընելիքը՚ միաՙյն դպչիլ է Անոր հագուստի քղանցքին... : Մեր մտային և հոգեկան ձեռքը շատ կարճ է Զինք ողջագուրելու: «Իրմով է որ կ՛ապրինք, կը շարժինք և կանք» կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ Աթէնքի մէջ Արիսպագոսի իմաստասէրներուն--Գործք. ԺԷ.28:
Մեր Տէրը Յիսուս ըսաւ.
«Հոգի է Աստուած, և անոր երկրպագողները պէտք է
հոգիով և ճշմարտութեամբ երկրպագութիւն ընեն»:
--Յով. Դ.26:
"Հոգի" բառը կը նշանակէ ու կը յայտնաբանէ այդ անտեսանելի գործօն Զօրոյթը, որ կը շարժէ մարդկային, ընկերային, մշակութային, գաղափարական և քաղաքական ընթացքը, ըմբռնումը և կամեցողութիւնը: Հոգի Աստուած կը գերազանցէՙ նիւթին ներկայութեան: Ոգին որեւէ կապակցութիւն կամ յարում ունենալու չէ նիւթականին կամ "ես"ին հետ: Յիսուս ըսաւ Իր աշակերտներուն.
«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՚ թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր
խաչը և ետեւէս գայ»--Մատթ. ԺԶ.24, Մարկ. Ը.34, Ղուկ. Թ.23
Աստուծոյ Հոգւոյն կարեւորութիւնը անոր աստուածաբանական յատկանիշները չեն, այլ Անոր դեՙրը մեր կեանքին մէջ: Մարդ արարած մարմին և հոգի է, սակայն իրապէս մէկ է: Մարդկային մարմինն ու հոգին Աստուծոյ բարի կամքին արտայայտութիւններն են: "Հոգի" բառը կ՛ակնարկէ մարդկային կեանքին և անոր ընդհանուր անձնաւորութեան: "Հոգի" նաեւ կ՛ակնարկէ մարդու ներքին սկզբունքը և համոզումը:
Աստուած տիեզերքի մշտահոս կեանքին Աղբիւրն է, ու մարդը Անոր Շունչէն անմահական կեանքի կայծ մը՚ անձնաւորութիւն մը ընդունած է: Տիեզերքի մէջ ամէն ինչ Անով կը ծնի ինչպէս որ բնութեան ծոցին մէջ, գարնան, նոյնպէս մարդկային կեանքը կը վերակենցաղի Յիսուսի Յարութեան շնորհիւ: Աստուած Հեղինակն ու Ակնաղբիւրն է համայն տիեզերքին, ծայրագոյն գիտակցութեան ու ամբողջական զօրութիւններուն: Շրջանակի մը նման որուն կեդրոնը ամէն տեղ է, ու անոր շրջագիծն ալ ամէն տեղ:
Արարիչ Աստուած բոլոր գոյերէն ու արարածներէն գերիվեր է: Աստուած «Խորհուրդ խորին է՚ անհաս և անսկիզբ»: Կարելի չէ Աստուծոյ որեւէ գոյացական մասնիկ կամ յատկանիշ վերագրել: Աստուած Խօսք է, բայց այդ Խօսքը որչափ զուգահեռ է մարդկային խօսքին ու ըմբռնումին, անճառելի է, ուստի կարելի չէ նմանը Աստուծոյ վերագրել: Այո՚, կարելի չէ նոյնիսկ Աստուծոյ մասին ըսել՚ Ան գոյ է: Որովհետեւ իւրաքանչիւր գոյութիւն նիւթին գոյացութեան և պատահարներու, այսինքն՚ որակի, քանակի, չափի, գոյնի, ձեւի, համի, հոգիի յարաբերութեանց մէջ է, որ կ՛ըմբռնենք ու կ՛իմանանք, որպէս մարդկային արարածներ, մինչդեռ Աստուած գերիվեր է այս բոլորէն:
Ռայնհոլտ Նիիպուր, Աստուծոյ վրայ դրաւ իր վստահութիւնը, որ աշխարհէ անդին է, սակայն գործօՙն պատմութեան մէջ: Անոր սէրն ու ներողամտութիւնը կ՛ազնուացնէ ու կը բարձրացնէ մարդկային ապրումը և Անոր յուսադրիչ խոստումը կ՛ազատէ մարդը հիասթափութենէ: Այսպիսի յոյս մը կուգայ մի միայն Աստուծոյ վերջնական յաղթութեան հաւատքէն:
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած «անմատչելի լոյսի մէջ կը բնակի», և «մարդոցմէ ոչ ոք տեսած է և ոչ ոք կրնայ տեսնել Զայն»--Ա. Տիմ. 6.16:
«Այդ յայտնութիւնը իր ատենին պիտի կատարէ Աստուած ինք,
ան՚ որ երանելին է և միակ հզօրը, թագաւորներու Թագաւորը
և տէրերու Տէրը, միակը՚ որ անմահ է. Ան՚ որ անմատչելի լոյսին մէջ կը բնակի. և ոչ ոք կրնայ տեսնել Զայն: Յաւիտ եան Անոՙրն են պատիւն ու զօրութիւնը: Ամէն»
--Պօղոս առաքեալ:
Ահա թէ ինչու՚ յաճախ Աստուած կը պատկերանայ լոյսի փայլատակումով: Արարիչ Աստուած ոչ միայն նիւթին ստեղծիչն է ոչինչէն, այլ Ան շնչաւորող, ձեւաւորող, կարգաւորող բացարձակ Ոգին է և Սկզբունքը:
"Աստուած" անունը կը բխի Անոր "արարիչ" իմաստէն: "Տէր" անունը կու տանք Աստուծոյ մեզ սիրաՙծ ըլլալուն համար:
Աստուած ոՙչ թէ որեւէ տեղ է Ան, այլ Իՙնքն է տեղը (Վայրը, Միջոցը):
Ոչ թէ որեւէ ժամանակ գտանելի է Ան, այլ Իՙնքն է Ժամանակը և ժամանակներու գոյացութիւնը: Աստուած անժամանակ է, իսկ երբ կամեցաւ ստեղծել արարածները, սկիզբ ու վերջ դրաւ անոնց կեանքին (զանոնք մահկանացու ստեղծեց): Մարդ արարածներուն շնորհուած ազատ կամքը, աՙյդ աստուածային մասնիկը մարդ էակի մէջ, պարտ էր ապացուցուիՙլ, նախ քան որ մարդ էակ արժանանայ յաւիտենական կեանքի--Յով. Ա.10-12
Աստուած անբան աշխարհը հոգացած է Իր հրաշագեղ հոգածութեամբ, որքա՜ն աւելի Ան պիտի հոգայ Իր բանաւոր ստեղծագործութիւնը (մարդ էակը) և ցոյց պիտի տայ Իր սէրն ու գթութիւնը որպէս Հայր Երկնաւոր: Ինչպէս որ Աստուած ստեղծեց աշխարհը Իր իրագործոՙղ Խօսքով, նոյնպէս ալ Յիսուս ծնաւ կոյս Մարիամէ Անոր անհասանելի Խօսքովը: Որովհետեւ մարդը անկարող էր տեսնել Անտեսանելին՚ զԱստուած, ու մերձենալ Անմերձենալիին, Աստուած Որդին մարդացաւ (եղաւ Մարմին) որպէսզի մենք ալ հաւատալոՙվ Անոր, ըլլանք Աստուծոյ որդիներ: Մարդ էակի գոյութեան նպատակը նմանիՙլ է Աստուծոյ:
Աստուածային ստեղծագործ Սէրը, (Յիսուս) ինչպէս որ խոնարհեցաւ (իջաւ) աշխարհ պարգեւելու սէր և իմացական կեանք մարդ արարածին, մարդ՚ իՙնք եւս բարձրանալու է դէպի տիեզերական Սէր և Կեանք ուր պիտի գտնէ իր Արարիչը և Տէրը: Աստուած ոչ միայն Ինքզինք բացատրեց մարդուն. այլ՚ հաղորդակիՙց եղաւ անոր: Ս. Գրիգոր Նարեկացին, ներշնչումի և հոգեկան յափշտակութեան մէջ կը գրէ, ըսելով իր արիւնակիցներուն.
«Զի դու միայն ես երկնքում անճառ
և երկրում՚ ազնիւն,
Գոյութեան տարրերի մէջ և աշխարհի
բոլոր ծագերում,
Սկիզբն ամէն ինչի, և ամէն ինչի մէջ՚
ամբողջ լրումով»:
Առանց Աստուծոյ ոչինչ կրնայ ընել մարդ, բայց առանց մարդուն ոչինչ կ՛ուզէ ընել Աստուած: Մէկը կարենալու խնդիր է, իսկ միւսը կամենալու: Աստուած կ՛ուզէ որ համագործակցինք Իրեն հետ, և հրաւիրենք Զինք մեր կեանքին մէջ: Աւելի խորապէս կարելի է երեւակայել զԱստուած, քան բացատրել Զինք, և ալ աւելի իրապէս գոյ է Ան, քան թէ կրնանք երեւակայել Զինք:
Թէեւ Աստուած Սէՙր է, սակայն սէրը Աստուած չէՙ Յիսուս Քրիստոսի ըմբռնումով: Ինչպէս որ Աստուած մէՙկ է, սակայն մէկութիւն մը Աստուած չէ: Աստուած անանձնականութիւն չէՙ, կոյր զօրութիւն մը, մեծութիւն մը և գիտութիւն մը չէՙ: Յիսուսի շրթներուն վրայ Աստուած գերազանցապէս ու վեհաբառօրէն Հայրութիւն է, որ կը զբաղի նոյնիսկ պարզ ճնճղուկներով: Միայն Աստուաՙծ է որ սիրուելու է՚ հոգւով, սրտով, մտքով և բոլոր զօրութեամբ, իսկ դրացիին սէրը կը հաւասարի ենթակային անձին: Աստուած ինչու կը սիրէ մեղաւորները: Ան կը սիրէ, ոՙչ որովհետեւ մենք մեղաւոր ենք, այլ որովհետեւ Աստուած Սէր է: Քրիստոսով՚ Աստուած կը թափանցէ մարդկային իրականութեան ու կը յայտնացուցանէ Իր սէրն ու ողորմութիւնը:
Աստուած ինքնաբացայայտման յայտնութիւնն է, կարելի՞ է որ առաջին դարէն յետոյ դադրի Ինքզինք յայտնելէ: Դէպի Աստուած կան բազմաթիւ և զանազան ճամբաներ, գլխաւոր ճամբան դէպի Աստուած, Աստուաՙծ Ինքն է: Պուտտայականութեան մէջ չկայ Աստուած, չկայ գերբնական Ուժ, չկայ Արարիչ, չկայ արտաքին Փրկչի գաղափարը: Աստուած եղած էր շունչ, եղած էր ձայն, եղած էր երեւում: Քրիստոսով՚ Անոր Մարդեղութեամբ, Ան եղաւ Մարմին: Յիսուս Քրիստոս ոչ ուսմունք է, ոչ տեսութիւն, այլ Ան Իր ապրումոՙվ բացայայտեց Աստուած անիմանալին:
«Խորագոյն վիշտի և յուսախաբութեան մէջ, կայ յոյս և ահագնազօր ցաւի ու տառապանքի մէջ երբ տիեզերք յանկարծ կործանի, և ամայանայ, կայ Աստուած»:
Երբ կ՛ըսենք Աստուած սէր է, այդ կը նշանակէ թէ, Ան Ճառագայթում, Լուսաւորում, Անձնանուիրում և Ծառայութիւն է: Տիեզերքի ստեղծագործութեան ոյժը Սէՙրն է: Մարդու կեանքի երջանկութեան աղբիւրը Սէՙրն է: «Սէրը կ՛արտայայտուի կեանքով ու գործով, ծառայութեամբ ու բարիքով կը մարմնանայ և, ի հարկին, խաչով կը կնքուի»--Գարեգին Ա. Կաթողիկոս: Սէր բառը չէ եղած քարոզուելու համար, այլ՚ կիրարկուելու մեր կեանքի բոլոր շրջաններուն: Եթէ սիրենք մեր թշնամին՚ իր հոգին մեզի աւելի յստակ պիտի ըլլայ և որքան աւելի թափանցենք անոր մէջ, այնքան աւելի պիտի տեսնենք թէ իրաւունք ունի ան մեր գութին և մեր սիրոյն:
Յիսուս Քրիստոս Լոյսն է բանականութեան, Յոյսն
է Հոգւոյ, և սէրը անհունօրէն ջերմ սրտի մը:
Լոյսի հիմնական մեծութիւններէն մէկը, բնութագրումն է տեսանելի ճառագայթման աղբիւրը՚ Աստուծոյ: Աստուած նախ կը ցուցունէ Իր լոյսը, ապա այդ լոյսին ընդմէջ Ինքզինքը: Քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին աչքին լոյս է, ուստի անոր մատակարարը "Լուսաւորիչ": "Աստուած մատակարարած է իր շնորհները թէՙ հրեաներուն և թէՙ հայերուն, մէկուն տասը պատուիրաններ տալով, միւսին՚ երեսունըվեց երկաթագրեր"--Կորիւն:
Հայը երգած է աստուածալոյս շարականները ցոլացնելով զԱստուած.
«Լո՜յս,
Արարիչ Լուսոյ,
Առաջին Լոյս
Բնակեալդ ի Լոյս անմատոյց,
Ի ծագել Լուսոյ առաւօտուս
Ծագեաՙ ի հոգիս մեր
Զլոյս Քո իմանալի»--Ս. Ներսէս Շնորհալի
Մարդու յոգնած մարմինը կազդոյր կը փնտռէ, իսկ հոգին լոյս: Առաքեալներու կեանքը համակ, եղաւ զրկանք ու տառապանք, նուիրում, պայքար ու նահատակութիւն որպէսզի չկորնչի յաւերժութեան Լոյսը՚ Յիսուս Քրիստոս: «Աստուած դեռ նոր Լոյս ունի ծագեցնելիք իր Սուրբ Խօսքին»--Երէց Ռօպինսոն: Նոր Լոյս և յայտնութիւն կ՛որոնէ սպասող մարդկութիւնը: Աստուած ըսաւ. "Թող Լոյս ըլլայ": Տիեզերք լուսաւորուեցաւ, բայց մարդոց սրտերը ոչ: "Խաւարէն թող լոյս ծագի" եղաւ յաջորդ հրամանը, և ծագեցաւ մեր սրտերուն մէջ ալ Աստուծոյ փառքի գիտութեան Լոյսը: Աստուածային Լոյսը խաւարէն՚ լոյս, մահէն՚ կեանք, ապականութենէն անապականութիւն և անգիտութենէն դէպի Իր ճշմարիտ գիտութիւնը առաջնորդեց մարդկութիւնը:
Ինչ որ է արեւը բնութեան համար, նոյնն է Յիսուս մարդոց հոգիներուն համար: Անարժէք նկատուածը Յիսուսիՙ լոյսով, կ՛ար- ժէքաւորուի, աննշան կարծուածը՚ Անով նշանակութիւն կը ստանայ: Կեանքը լոյսի և խաւարի պայքարն է, Բարիի ու չարի կռիւն է: Լոյսի ու խաւարի պայքարին մէջ, լոյսի յաղթութիւնը աներկբայելի է: Խաւարը Լոյսին դիմաց կը փախչի:
«Լոյս, Արարիչ լուսոյ, Առաջին լոյս»:
«Լոյս, իմանալի լոյս»:
«Առաւօտ լուսոյ, Արեգակն արդար, առ իս լոյս ծագեա»:
Առաջին քրիստոնեաները ապրեցան Յիսուսի լոյսով, և իրենց կեանքին օրինակը վարակիչ դարձաւ: Խօսքէ աւելի, քրիստոնէութ- իւնը եղաւ ապրուած կեաՙնք իրականութիւն և ոչ միայն դաւանանք ու հաւատամք: Անոնց կեանքը համակ, եղաւ ծառայութիւն և նուիրում: Ինչո՞ւ անոնց կեանքին օրինակը եղաւ վարակիչ: Որովհետեւ անոնց "հաւատոյ հանգանակը" Յիսուսի Խօսքերն էին, զորս պատուիրեց Իրեն հետեւող քաջերուն ըսելով.
«Եթէ դուք զիրար սիրէք՚ ատով ամէնքը պիտի գիտնան
թէ դուք իմ աշակերտներս էք»--Յով. ԺԳ.35:
Եկեղեցական "հայրեր" մոռնալով կամ անտեսելով Յիսուս Քրիստոսի ճառագայթող վերոյիշեալ պատուէր՚ Հաւատոյ Հան- գանակը, Իրեՙնք ուզեցին գրել հանգանակ մը ցոյց տալու իրենց իմաստասիրակաՙն կարողութիւնը: Մարդկային անսէր փառամոլութիւնը պատճառ դարձաւ Քրիստոսի Մարմնին (Եկեղեցիին) բաժանման, տկարութեան և Միջին Արեւելքի, հիւսիսային Ափրիկէի և Սպանիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու կորուստին, 8րդ դարուն:
Ուստի ի՞նչ կարելի է ընել այսօր:
Ս. Մեսրոպ իր գիւտը ըրաւ հայուն տալու համար այն Գիրքը որ կը սորվեցնէ. «Սիրեցէք զմիմիանս»: Հարկ է որ հաղորդուինք այդ ոգիին, և ըլլանք արժանաւոր որդիները մեր նախահայրերուն ու հաւատարիմ ծառաները մեր ազգին:
«Ով որ կ՛ըսէ, թէ զԱստուած կը սիրէ, բայց իր եղբայրը չի սիրեր, ստախօս է»--Ա. Յով. Դ.20: Ահաՙ, այսպիսի յորդորներով Հայրապետը զգուշացուց ժողովուրդը ծայրայեղ աշխարհապաշտութենէ (secularism), որ հոգին կը մթագնէ: «Ով որ զԱստուած կը սիրէ, պէտք է իր եղբայրն ալ սիրէ»: Խոնարհութիւն կը նշանակէ սիրել, և սէր կը նշանակէ ծառայել: Յիսուսը խաչեցին, որովհետեւ Ան ուսուց աՙյն տեսակ սէր մը, որ վտանգ էր փառասէր կրօնաւորներու, սէր մը որ ամբողջակաՙն նուիրում և անձնատուութիւն կը պահանջէր:
Խրիմեան հայրիկ, իր ողջութեան ու մահէն յետոյ իսկ կ՛ըսէ. «Զաւակներս, զիրար շատ սիրեցէք, որովհետեւ եթէ դուք իրար չսիրէք, ոչ մէկը ձեզ պիտի սիրէ»:
Աշխարհակալներ կը տիրեն իրենց նմաններուն նուաճելով ու յաղթելով զանոնք իսկ Աստուած սիրելով ու ինքզինք մատուցանելով աշխարհի, ուղարկելով Իր Միածին Որդին Յիսուս: Քրիստոս այնքան սիրեց մարդկութիւնը, որ իջնելով զօրութենական բարձունքներէ ոչ միայն "մարմին եղաւ", այլ և լուաց Իր աշակերտներուն ոտքերը և այսպէսով եղաւ բացառիկ օրինակը սիրոյ և խոնարհութեան: Կեանքի իսկական գեղեցկութիւնն ու զօրութիւնը սիրելու հրաշագործ արտայայտութեան մէջ կը կայանայ:
Փետուրով մը կարելի է ժայռերը կաղապարել, եթէ փետուրը սիրոյ ձեռքի մը մէջ է: Տալն ու տրուիլը սիրոյ արտայայտութիւններ են: Հնարաւոր չէ մէկու մը համար աճիլ բարոյապէս և հոգեւորապէս՚ առանց տալու շնորհին: Մեր աճումին չափանիշը՚ մեր սիրելուն և տալուն մէջն է: Մի միայն Անմերձենալի Սուրբն է որ կը գերազանցէ մարդը, փրկելով զայն իր անձնակեդրոն փառասէր մոլութենէն որ կը կործանէ միաբանութեան պաշտամունքաՙյին միասնականութիւնը և կ՛ուղղէ զայն դէպի մահ:
Գողգոթան միայն աշխարհագրկան անուն մը չէ բարձունքի մը, այլ Քրիստոսի Արեամբ ու վկայութեամբ նուիրագործուած դէպք մը ու ցոլացումն է Աստոծոյ սիրոյն: Մարդկային այլազան սէրերուն մէջ՚ Աստուծոյ սէրը բառերով չի բացատրուիր, ծանրութեամբ չի կշռուիր, թուանշաններով չի չափուիր և զգացումներով չի թարգմանուիր, ոՙչ ալ մարդկային բարոյականը վսեմացնող առաքինութեան մը հետ կը բաղդատուի: Այս անզուգական սէրը՚ հաւատացեալին բոլորանուէր ընծայումն է Աստուծոյ առաքելութեան և վկայութեան:
Յիսուս երկար չապրեցաւ, սակայն Իր ապրումով ու նուիրումով ապրեցուց ուրիշները: Նահատակներ կ՛ապրին իրենց գործե- րով: Յիսուսի կեանքը գերազանց օրինակն է խոնարհութեան և անձնազոհութեան: Իր ապրումով, նուիրումով և անձնազոհ խաչելութեամբ ճշմարտապէս ցոյց տուաւ աշխարհամարդուն Աստուծոյ իմանալիՙ նկարագիրը:
Կ՛ուզեմ պատմել իրական դէպք եղելութիւն մը որպէս մանրանկար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն.
Կարմիր բանակին յաղթարշաւ գնացքին, Համայնավարները կը փնտռէին կայսերական բանակի պատկանող կին մը, որ երկու երախաներ ունէր: Իրիկուն մը երիտասարդ կին մը, Նաթալի անունով որ նոյն տարիքը ունէր, զարկաւ այս կնոջ տան դուռը և հարցուց թէ ինք այս ինչ կի՞նն է: Նաթալին զգուշացուց այս մայրը թէ ինք ճանչցուած է ու այս գիշեր պիտի գնդակահարուի: Նաթալին խրատեց որ կայսերական բանակին պատկանող այս կինը փախչի: Մայրը նայեցաւ իր զաւակներուն և ըսաւ. "ի՞նչպէս":
Նաթալին որ ցարդ թաղին մէջ պարզ կին մըն էր միայն, ըսաւ. "Դուն պիտի կարենաս, որովհետեւ եՙս պիտի կենամ հոս և յայտարարեմ որ ես ձեր փնտռած կինն եմ": Մայրը ըսաւ. "Բայց պիտի գնդակահարեն քեզ": Նաթալին պատասխանեց. "Ես զաւակներ չունիմ": Յիսուս նոյնը ըրաւ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ:
Եկէՙք ուրեմն միասնաբար, լայնախոհ մօտեցումով և սիրոյ ու նուիրումի ճանապարհով, մեր առջեւ դրուած հրամայական գործերը տանինք պատուով, միասնական ու ամբողջական գործելակերպով և միշտ առաջնորդուած մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքով: Որովհետեւ Քրիստոնէութիւնն էր, որ ձեւ ու մարմին, իմաստ ու նուիրում տուաւ հաւատքի պայքարին:
Յիսուսի կոչումը արտայատիչն է հոգեւոր պաշտօնեայի
հաւատքին, յուզումներուն, նուիրումին, ծառայութեան:
Յունուար 7, 2000
Թորոնթօ
ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ՂԱԶԱՐՈՍԻ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Անհուն Զգաստութիւն և անձնամատոյց Յիսուս Վարդապետ կարգ մը աշակերտներ ընտրելէ յետոյ հրաւիրուեցաւ հարսանիքի մը Կանա քաղաքին մէջ: Անթարգմանելի Ծնունդ Յիսուս իր առաքելութեան ընթացքին հրաւէր ստացաւ բազմաթիւ ճաշկերոյթներու և խնճոյքներու: Ան չմերժեց սոյն հրաւէրները ու աշակերտներուն հետ գնաց բազմազան հացկերոյթներու: Յիսուս Իր Անձը ցոյց տուաւ մարդկային բոլոր դասակարգներուն մէջ, որովհետեւ Իրեն համար միայն մէկ դասակարգ կար, ու այդ էր՚ ծառայութեան և զոհողութեաՙն կարիք ունեցողներու դասակարգը:
Անկիւնադարձ կերտող Յիսուս՚ Իՙր ներկայութեամբ ոչ թէ բան մը կը պակսեցնէր հիւրասիրողին քսակէն կամ կեանքէն, այլ բան մը կաւելցնէր: Օրինակ՚ Կանայի հարսանիքին, Ան բազմացուց փեսայի տան գինին, որպէսզի հարսնեւորները ուրախանան: Փարիսեցիի մը տան մէջ, Ան ներում շնորհեց մեղաւոր կնոջ՚ Մարիամ Մագդաղենացիին և ան ուրախ ու շէնշող խիղճով մեկնեցաւ տուն:
Բարութեան մարմնացում Յիսուս Իՙնք չփնտռեց հանդիսութիւն, հաճոյք և խրախճանք, այլ Ինք ստեղծեՙց և շնորհեց ուրա- խութիւն և խանդավառութիւն ուր որ գնաց: Ոՙչ միայն հրճուանք և հանդիսութիւն ստեղծեց Ան, այլ նաեւ բժշկութիւն և առողջութիւն պարգեւեց բոլորին, և ալ աւելիՙն, որ կը նշանակէ մեղքերու թողութիւն և խղճի խաղաղութիւն: Ան ըսաւ Իրեն ներկայացուած անդամալոյծին. «Որդեակ քու մեղքերդ ներուաՙծ են քեզի»: Միթէ կա՞յ աւելի մեծ հոգեկան ուրախութիւն և սրտի խաղաղութիւն: Աստուծոյ սէրն ու ներումը կ՛ազնուացնէ ու կը բարձրացնէ մարդկային ապրումը և Անոր յուսադրիչ խոստումը կ՛ազատէ մարդը հիասթափութենէ: Այսպիսի յոյս մը կու գայ մի միայն Աստուծոյ վերջնական յաղթանակի հաւատքէն: Յիսուս Իր յուսադրող ձայնով պատասխանեց Մարիամին, ըսելով. «Քեզի չ՛ըսի՞, որ եթէ հաւատաս, Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես»: Յիսուս կը դիմաւորէ մեզ ալ, ու իր կենսախրախոյս նայուածքով կ՛ըսէ.
«Որդեակ, յուսահատութեանդ և թերահաւատութեանդ
գերեզմանին քարը մեկդի ըրէ»:
Կեանքի բոլոր ոլորտները թափանցող Յիսուս՚ Իր աշակերտներով գնաց Գալիլիոյ ծովուն հեռաւոր մէկ ափը բժշկելու համար դիւահար մը, որ ենթարկուած էր անմարդկային կացութեան ու կը բնակէր գերեզմաններու մէջ...: Նոյնիսկ Յիսուս Իՙնք ալ գնաց գերեզման: Մարդիկ ինչո՞ւ կ՛երթան գերեզման: Մարդիկ գերեզման կ՛երթան թաղելու կեաՙնք մը: Յուղարկաւորութիւն մը, թաղում մը, ուղեկցիլ է ննջեցեալին մինչեւ գերեզմանատուն: Համայնական գերեզմանատունը այն վայրն է, ուր մահացողներն ու ողջերը կ՛ողջագուրուին հոգեպէս:
Նազովրեցի Յիսուս ինչո՞ւ չգնաց բժշկել Իր Ղազարոս բարեկամը անոր հիւանդութեան ժամանակ, սակայն գնաց անոր մահուանէն վերջ: Մեր Տիրոջ ուշացումը ոչ թէ պատահականութիւն մը կամ դիպուած մըն էր, այլ Ղազարոսի թաղման ու անոր գերեզմանին առջեւ Յիսուս տալիք պատգամներ ունէր:
Պէտք չէ մոռնալ, որ Յիսուսի իւրաքանչիւր իրագործումները կրթելու և դաստիարակելու համար էին աշակերտները: Կեանքի Հաց եղող Յիսուս, Իր ուշացումով դաստիարակել ջանաց աշակերտները, թէ ի՞նչ պարտ են քարոզել հաւատացեալի մը յուղարկաւորութեան ժամանակ: Մարդեղութեան փրկարար Զօրութիւն՚ Յիսուս քաջ գիտէր թէ Փարիսեցիք իՙնչ դամբանական կը խօսին ննջեցեալի մը յուղարկաւորութեան: Ան գիտէր նաեւ Սադուկեցիներուն դաւանանքը՚, թէ մարդկային կեանքը վերջ կը գտնէ գերեզմանի կափարիչին փակումովը:
Յիսուսի հերոսական նկարագիրը Անոր հերոսական յուսադրումիՙն մէջն էր, հետեւաբար թէՙ որպէս երկնառաք Դաստիարակ աշակերտներուն և թէՙ Իր շուրջիններուն հաւաՙտք ներշնչող, Ան Իր յուսադրիչ ձայնով պատասխնեց Ղազարոսի հիւանդութիւնը տեղեկացնողներուն, ըսելով.
«Այդ հիւանդութիւինը մահաբեր չէ, այլ Աստուծոյ
փառքին համար է, որպէսզի անով փառաւորուի
Աստուծոյ Որդին»--Յով. ԺԱ. 4:
Ուրեմն որքա՜ն հոգեպարար են և յուսադրիչ կարգ մը փորձութիւնները և նեղութիւնները, որոնք կը պատահին մեզի: Անոնք կրնան ըլլալ անլռելի զանգակներ խաւար մթութեան մէջ, որոնք աւետումներն են գալիք շէնշող Լուսաբացին: Կեանքը դժուարադարձ և դժուարաբոյժ է, բայց ոչ յուսահատական: Յիսուս կը մխիթարէ սգաւորները և թախծալից սրտերը: Յուսահատներուն յոյս կը ներշնչէ և բարոյապէս ինկածները ոտքի կը կանգնեցնէ: Ո՜վ թերահաւատներ «Խորագոյն վիշտի և յուսախաբութեան մէջ, կայ յոյս և ահագնազօր ցաւի ու տառապանքի մէջ երբ տիեզերք կոր- ծանի ու ամայանայ յանկարծ, կաՙյ Աստուած»: Յուսահատութեան, վհատութեան ու յոյսի գագաթնակէտին կանգնած էր կոյր Բարտիմէոս երբ Յիսուս կ՛անցնէր Երիքովի փողոցներէն:
Յիսուս, Ղազարոսի մահը պատճառ սեպելով, ջանաց ցոյց տալ Իր ապագայ եկեղեցիին, թէ Ան իՙնչ պարտ է քարոզել յուղար- կաւորութեան՚ մահուան տրտում-տխուր դագաղի մը առջեւ: Ձրի գովասանքներ և տափակ խօսքեր աւելորդ են դագաղին առջեւ, որովհետեւ մահաբոյր դագաղին մէջ ամէն մեծութիւն և փառք կը մարին ու կը լռեն:
Ի՞նչ կը նշանակէ մահն ու յուղարկաւորութիւնը:
Ոմանց համար Անկենդան և ուղեկորոյս կամուրջ: Ուրիշներու համար անփախչելի վախճան և անէացում: Մահը մեր կեանքին ամենամեծ առեղծուածն է. ըստ երեւոյթին հակադրութիւնը մեր գոյութեան: Արդարադատ մահը իւրաքանչիւր մահկանացուին յարութենէն յետոյ, իր արժանաւոր տեղը կը սահմանէ. փառք ու յաւեր- ժութիւն, կամ կորուստ ու մոռացում: Կեանքը՚ կու տայ, սէրը՚ կը փաշխէ, մահը՚ միայն կ՛առնէ: Հին Կտակարանի հաւատացեալներէն ոմանք կը հաւատային, թէ.
«Մարդոց որդիներուն պատահածը
Եւ անասուններուն պտահածը մէկ է:
Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի.
Ու ամէնուն շունչը մէկ է.
Եւ մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի,
Վասնզի ամէնը ունայնութիւն է»--Ժողովողի Գ. 19:
Մահը մեր կեանքի մեծագոյն կորուստը չէ: Մարդ իր մեծագոյն կորուստը կը կրէ երբ իր մէջ կը մահանայ ապրելու տենչը, մեղքի դէմ պայքարելու կամքը և ծառայելու պատրաստակամութիւնը: Մահը նիւթէն և նիւթեղէնէն անդին չի կրնար անցնիլ: Մահը իր յատուկ կորուստի զօրութիւնէն զատ ունի նաեւ խորհրդանշական իմաստ: Արքայութեան Դուռ և մխիթարութեան Ակնաղբիւր Յիսուս կ՛ըսէ.
«Միՙ վախնաք անոնցմէ, որ մարմինը կը սպաննեն, բայց հոգին սպաննել չեն կրնար. այլ դուք աւելի վախցէք անկէ, որ կրնայ գեհենի մէջ կորստեան մատնել հոգին և մարմինը»--Մատթ. Ժ.28:
Սոյն խորհրդանշական իմաստը բացայայտելու համար, Յիսուս այցելեց Բեթանիա գիւղը, Ղազարոսի մահուանէն չորս օր յետոյ: Դէպի Բեթանիա ճամբայ չելած, Տէրը Յիսուս աննախընթաց խօսակցութիւն մը կ՛ունենայ աշակերտներուն հետ, ըսելով. «Ղազարոս մեռաւ. և Ես ուրախ եմ ձեզի համար, որ հոն չէի, որպէսզի դուք Ինծի հաւատաք»--Յով. ԺԱ. 15:
Յիսուս Քրիստոսի ուշանալը Ղազարոսի հիւանդութեան ատեն, ունի երկու դաստիարակչական նպատակ: Մին, լուսաբանել էր մահը ու երկրորդ սորվեցնել աշակերտներուն, թէ ի՞նչ քարոզուելու է յուղարկաւորութեան ու գերեզմանի մը առջեւ:
Անյոյս մահուան ու լուռ գերեզմանին կափարիչը բացող Յիսուս, Իր բարեկամ Ղազարոսի մահուան առթիւ ու անոր գերեզմանին առջեւ վկայեց, ըսելով.
«Ես իսկ եմ Յարութիւն և Կեանք»:
Վերոյիշեալ սոյն խօսքերը, որպէս կայծակնաբոց փայլատակումներ փարատեցին Մարթայի հոգեկան խաւարը: Սգաւոր Մարթա, ծնրադիր Յիսուս Մարգարէի Ոտքերուն առջեւ, լսեց շարունակութիւնը երկնայայտ պատգամին. «Ով որ կը հաւատայ Ինծի, թէպէտ մեռնի ալ, պիտի ապրի. իսկ ով որ կենդանի է և կը հաւատայ ինծի՚ յաւիտեան պիտի չմեռնի: Կը հաւատա՞ս ասոր»--25:
Ի՜նչ մխիթարական երկնացոյց երաշխիքներ և յուսադրիչ հաւաստիքներ կը ժայթքեն աստուածառաք Յիսուսի Շրթներէն: Մարթա մոռցած է իր սուգն ու յուսահատութիւնը ու կը վազէ տուն ու քրոջը Մարիամի կ՛աւետէ ըսելով.
«Վարդապետը եկած է և քեզ կը կանչէ»:
Սիրելի հաւատացեալներ, մեզմէ իւրաքանչիւրին սուգի պահուն, երբ կը կարծենք թէ կորսնցուցած ենք մեր սիրելին, Վարդապետ Յիսուս կու գայ, ու մեՙզ կը կանչէ: Ան կը կանչէ մեզ, ոՙչ թէ մահուան և անէացման, այլ մխիթարութեան և յուսադրութեան: Յիսուս Քրիստոս Կեաՙնք է: Ան կը բաշխէՙ և կու տայ, կը մխիթարէՙ ու կը քաջալերէ: Ան կը բանաՙյ երկինքը ու կը յայտնէ գերեզմանէն անդինը: Յիսուս մեր Յոՙյսն է, մեր յաւիտենական Կեանքը: Մեզ հողայնութենէ դէպի հոգեղինութեաՙն փոխակերպող յաղթական Յարուցեաՙլն է Ան: Ինչպէս Մարթային, մեզիՙ ալ կը խօսի, ըսելով.
«Քեզի չըսի՞, որ եթէ հաւատաս Աստուծոյ
փառքը պիտի տեսնես»:
Մի միայն իրիկուան խաւար մթութեան մէջ քալողներուն, սուգի և յուսահատութեան մէջ եղողներուն, կ՛երեւի աստեղազարդ երկնակամարը: Աստեղազարդ գեղեցկութիւնը հոՙն է, մեր ընելիքը միայն գլուխնիս վեՙր առնել ու նայիՙլ է տեսնելու և հաւատալու համար, որ մեզմէ բաժնուողները չեն կորսուած: Ոՙչ որովհետեւ անոնք երկինք գացած են, այլ որովհետեւ մեռելոց յարութեան խօստումը կայ: Եթէ մեռնելոՙվ երկինք կ՛երթան մարդիկ, ինչո՞ւ արդեօք ապրողներ մեռնիլ չեն ուզեր: Քրիստոս ոՙչ թէ մահուաՙն Դուռն է, այլ կեանքի՚ յաւերժական Յարութեան: Մարիամ երբ կու գայ ու կը տեսնէ Յիսուսը՚ կ՛իյնայ Անոր Ոտքերուն ու կ՛ըսէ. «Տէՙր, եթէ այստեղ եղած ըլլայիր՚ իմ եղբայրս մեռած չէր ըլլար»:
Յիսուս Իր Հոգիին զօրութեամբ միշտ մեր քովն է: Մեՙնք կը կարծենք թէ Ան կը բացակայի, կամ չլսեր մեզ, կամ չհետաքրքրուիր մեզմով: Երբ Յիսուս կը տեսնէ թէ Մարիամ կու լայ, և անոր հետ եղող հրեաներն ալ կու լան, երկնառաք Մարդեղութիւնն ալ կ՛արտասուէ: Հրեաները երբ կը տեսնեն Յիսուսի լալը, կ՛ըսեն. «Տեսէՙք, որչա՜փ կը սիրէր զայն»:
Յիսուս Քրիստոս ոՙչ թէ միայն ներկայ է մեր մօտ մեր սուգի ու նեղութեան օրերուն, այլ նոյնիսկ Ան կը մասնակցիՙ մեր սուգին ու կու լաՙյ մեզ հետ: Ան մասնակից է թէՙ մեր ուրախութեան և թէՙ մեր ցաւին: Յիսուս յուզուած Իր քով լացողներուն համար, կը հարցնէ. «Ո՞ւր դրիք Ղազարոսի մարմինը»: Սգակիրները կ՛ըսեն Յիսուսի. «Տէՙր, եկոՙւր և տեՙս»: Յիսուս արտասուելով կու գայ գերեզման, որ քարայր մըն էր:
Յիսուս սէր էր Իր վարդապետութեան մէջ:
Սէր էր իր գործունէութեան մէջ:
Սէր էր իր չարչարանքներուն մէջ:
Սէր էր նաեւ խաչին վրայ:
Ան Սէր է նոյնիսկ Ղազարոսի գերեզմանին առջեւ: Ան իբրեւ ճշմարիտ և սրտցաւ Բժիշկ, հոն գտնուողներէն ոմանց կը պատուիրէ ըսելով.
«Այդ քարը մէկդիՙ ըրէք»:
Գալիլիոյ ծովուն փոթորիկը հանդարտեցնող Յիսուս, կոյրին աչքերը բացող Մարգարէն միթէ չէ՞ր կրնար գերեզմանին քարը մէկդի ընել: Ինչո՞ւ հրամայեց որ ուրիշներ մէկդի ընեն քարը: Մարդկային կենցաղավարութեան և որոշումներու մէջ կաՙն հարցեր ու վճիռներ, որոնց չուզեր դպչիլ Յիսուս: Ան՚ Իր աստուածազօր կարողութեամբ, չուզեր դպչիլ մեր ազատ կամքին: Աստուած մարդ արարածը անասուններու դասակարգէն վեր դրած է: Եթէ միջամտէ մեր ազատ կամքին, մեզ ալ ստորադասած կ՛ըլլայ կենդանիներու և չորքոտանիներու համակարգին: Աստուած կ՛ուզէ մեՙր համագործակցութիւնը Իր ծրագրի իրագործումին մէջ: Ոչ թէ որովհետեւ Ինք անկարող է, այլ որովհետեւ մեզ կը սիրէ ու կը ջանայ մեզ Իր որդիները ընել:
Յիսուս «Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զինք չընդունեցին: Իսկ Զինք ընդու նողներուն և Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու»--Յով. Ա. 11-12:
5րդ-6րդ դարերու հայ փիլիսոփայ՚ Դաւիթ Անյաղթ, Նեոպղատոնականութեան հետեւորդ «Կամքի ազատութիւն»ը կը դիտէ որպէս կատարելութեան համար մարդու մղած պայքարի անհրաժեշտ բաղադրամասը: Մարդ արարածներուն շնորհուած ազատ կամքը, աստուածային մասնիկը, պարտ էր որ ապացուցուիՙ, նախ քան որ մարդ էակ արժանանայ յաւիտենական կեանքի: Մարդիկ որքան ալ նախասահմանումով մը ծնած ըլլան, իրենց կամքով և վճռակամութեամբ յաճախ կրնան հակազդել նախասահմանեալ ճակատագրի մը պարտադրանքներուն և փոխել անոնց ընթացքը: Ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու թէ ճակատագրականութիւնը անձի մը կամքէն աւելի հզօր է: Որքան աւելի կատարելագործուինք, այնքան աւելի կը խուսափինք ճակատագրէն:
«Խնդրեցէՙք Աստուծմէ և պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէՙք և պիտի գտնէք, բախեցէՙք և պիտի բացուի ձեզի: Որովհետեւ խնդրողը կը ստանայ, փնտռողը կը գտնէ և բախողին առջեւ դուռը պիտի բացուի»: Ղուկ. ԺԱ. 9:
Վերոյիշեալ զեկոյցը և յայտարարութիւնը մարդու ճակատագիրը կը չէզոքացնէ ու ազատ կամքի գործածութիւնը կը զօրացնէ: Մարդ այլեւս իր կոյր ճակատագրին ստրուկը դառնալէ կը դադրի, որովհետեւ իր խնդրանքով, իր թակելով ու իր փնտռելու ազատ զօրութեամբ կրնայ փոխել իր նախասահմանուած կարծեալ վիճակը: «Եւ անոնք որ դպան՚ բժշկուեցան»--Մարկ. Զ.56:
Անոնք որոնք ուզեցին փոխել իրենց ճակատագիրը, կրցաՙն բարելաւել զայն:
Յիսուս ինչո՞ւ գնաց մինչեւ Ղազարոսի գերեզմանը, չէ՞ որ ան չորս օրուայ մեռած էր: Յիսուս՚ Իրեն հաւատացողին համար, "մեռաւ" բառին փոխարէն "ննջեց" բառը կը գործածէ: Ան ըսաւ աշակերտներուն. «Մեր բարեկամը՚ Ղազարոս, ննջեր է, սակայն երթամ արթնցնեմ զայն»--ԺԱ. 11: Մարմինին համար պատահած մահը՚ քուն է, որովհետեւ մահկանացութիւնը կեանքի մը մէկ ակնթարթն է ժամանակի տեւողութեան մէջ: Բուն մահը՚ հոգիիՙն մահն է: Ղազարոսին վաղահաս մահը անլուր սուգի մատնած էր իր հարազատ քոյրերը:
Յիսուս դէմ դիմաց կը գտնուէր մահուան հետ Ղազարոսի գերեզմանին առջեւ, ու կ՛իմանար մահուան դարաւոր յոխորտանքը որ կ՛ըսէր.
«Ո՜վ մարդ, ո՞ւր է քու կեանքդ, եՙս եմ քու վախճանդ»:
Յիսուս չդիմանալով չար մահուան ամբարտաւան ինքնագովութեան, բացաւ Իր օրհնեալ Շրթները և մխիթարեց մարդկութիւնը հետեւեալ խօսքերով.
«Պիտի գայ ժամանակ, երբ բոլոր անոնք որ գերեզմաններու մէջ են՚ պիտի լսեն անոր Ձայնը և դուրս պիտի ելլեն, անոնք որ բարի գործեր ըրած են՚ կեանքի յարութեան համար, իսկ անոնք որ չար գործեր ըրած են՚ դատաստանի յարութեան համար»--Յով. Ե. 28:
Յիսուս նայեցաւ Իր շուրջը, դիտեց իւրաքանչիւր սգաւորը, արտասւողը և թերահաւատը ու քաղցր քաջութեամբ ըսաւ Մարթայի.
«Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»:
Ու երբ ան տակաւին կը թերահաւատէր, Յիսուս կրկին ըսաւ անոր.
«Ես եմ Յարութիւնը և կեանքը»:
Վեհապանծ Յիսուսի սոյն խօսքերը շփոթութեան մատնեցին շուրջինները որոնք շատ քիչ բան հասկցած էին ցարդ: Երբ անոնք վերցուցին քարը, Յիսուս աչքերը վեր բարձրացուց դէպի երկինք և ըսաւ. «Հա՜յր, շնորհակալութիւն Քեզի՚ որ լսեցիր զիս: Գիտեմ որ միշտ կը լսես զիս. բայց ինչ որ այժմ կ՛ըսեմ՚ շուրջս գտնուող ժողովուրդին համար կ՛ըսեմ, որպէսզի անոնք հաւատան թէ Դուն ղրկեցիր Զիս»: Սոյն աղօթքէն յետոյ, կեանք Բաշխող Յիսուս դարձաւ դէպի մահացեալ մարմնին ու գոչեց, ըսելով.
«Ղազարոՙս, ելիՙր, դոՙւրս եկուր»:
Եւ մեռելը ելաւ, կապուած ոտքերով, ձեռքերը երիզներով ամրացած և երեսը վարշամակով փաթթուած: Յիսուս ըսաւ Իր շուրջիններուն. «Արձակեցէՙք զայն և թողէք որ երթայ»: Կալանաւոր ու մահէն առեւանգուած Ղազարոս դուրս ելաւ մահուան ճիրաններէն ու սարսափահար մահը փախաւ հզօրաշեշտ Կեանքի Անձնաւորեաՙլ Ներկայութենէն:
Հաւատացեալի մը յուղարկաւորութիւնը մեծագոյն պատեհութիւնը ըլլալու է օրուան քահանային որ պանծացուի ու փառաբանուի Մեռելոց Յարութիւնն ու Քրիստոսի տարած յաղթանակը մահուան վրայ: Այսօր, ոՙչ միայն անհաւատներ կարիքը ունին իմանալու Քրիստոսի յայտնաբանած յաւիտենական կեանքը, այլ նաեւ թերահաւատ հաւատացեալները: Համայն մարդկութիւնը կը լռէ մահուան անիմանալի և ահագնազօր ներկայութեան և խորհուրդին առջեւ:
Պօղոս առաքեալի Քրիստոսը, Յիսուս Նազովրեցին չէր միայն, այլ Բարձրեալը, հզօր աստուածային անձնաւորեալ Հոգին, որ մահուան իշխանութիւնը խորտակեց: Մահուան և մեղքի իշխանութիւնը խորտակող Քրիստոս կենդանի է իբրեւ Ոգի, ու կ՛ապրի հաւատացեալներու հոգւոյն մէջ: Յիսուս Քրիստոս յաղթեց մահուան սորվեցնելով աշխարհի, թէ մեղքը աւելի մահարար է քան որդը, և թէ հոգւոյն սրբութիւնը միակ զմուռսն է, որ կը պահպանէ մարդը ապականութենէ ու կ՛երաշխաւորէ անոր յաւիտենական կեանք:
Քրիստոսի Եկեղեցին բարձրագլուխ և անյողթողդ կանգնելոՙւ է մահուան դագաղին առջեւ ու որոտագին գոչելու.
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»:
Ինչո՞ւ, որովհետեւ մահուանէ անդին հեռուն, հաւատացեալի մը համար կայ հոգեւոր հայրենիք, մեռելոց յարութեան խոստոՙւմ, իսկ անհաւատի մը համար անբարբառ անծանօթ վայր մը և գաղտնի մղձաւանջ: Քաջ նահատակ Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ.
«Ի՞նչպէս ձեր մէջէն ոմանք կ՛ելլեն ըսելու՚ թէ "Մեռելներու յարութիւն չկայ": Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած. և եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ՚ զուր է մեր քարոզութիւնը, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը»:
Գերեզմանին ու մահուան առջեւ, հաւատացեալ Քրիստոնեայի մը յաղթական մաղթերգը ըլլալու է հետեւեալը.
«Ո՞ւր է, մաՙհ, քու յաղթութիւնդ.
Ո՞ւր է, դժոՙխք, քու խայթոցդ»:
«Ինչպէս որ հողեղէնին պատկերը առինք, այնպէս ալ պիտի առնենք երկնաւորին պատկերը: .Պիտի նորոգուինք յանկարծակի, ակնթարթի մը մէջ, վերջին փողի ատեն, քանի որ փողը պիտի հնչէ, և մեռելները յարութիւն պիտի առնեն առանց ապականութեան, մենք ալ պիտի նորոգւինք. քանզի պէտք է որ այս ապականութիւնը անապականութիւն առնէ, և այս մահկանացու գոյութիւնը՚ անմահութիւն»--Ա. Կորթ. ԺԵ.49-55:
Յունուար 4, 1998
Թորոնթօ
«ԵՍ՚ ՏԷՐՍ ՈՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏՍ, ՁԵՐ
ՈՏՔԵՐԸ ԼՈՒԱՑԻ, ԴՈՒՔ ԱԼ ՊԱՐՏԱՒՈՐ
ԷՔ ԻՐԱՐՈՒ ՈՏՔԵՐԸ ԼՈՒԱԼ»
Յով. ԺԳ.14
Յիսուս Վարդապետ ի՞նչ ջանաց սորվեցնել մեզի, լուալով աշակերտներուն ոտքերը: Միթէ քրիստոնեաներ, Սուրբ Հաղորդութենէ առաջ, իրարու ոտքե՞րը լուալու են: Երբ այցելութեան երթանք մեր բարեկամներուն, նախ քան հիւրասիրուելու անոնցմէ, իրարու ոտքե՞րը լուալու ենք: Ի՞նչ էր Յիսուսի գործնականօրէն աշակերտներու ոտքերը լուալու արարքին խորհուրդը:
Միթէ Մեծ Պահքի վերջաւորութեան, հոգեւորականներու, տղոց մաքուր ոտքերու լուացումը բաւարա՞ր է որ, հաւատացեալներ հասկնան աՙյն խորհուրդը, որ մեր Տէրը ջանաց դրսեւորել Իրեն հետեւորդնրուն: Յիսուս Քրիստոս օդին մէջ սաւառնող գաղափար մը չէՙ: Ան ոՙչ միայն կը պատմէ և կը քարոզէ, այլ կր նկարէ և կը թանձրացնէՙ Իր խորհրդազգաց արարքները: Որպէս բարձունքի և վսեմութեան Մարմնացում, Յիսուս խոնարհեցաւ ու յայտնեց Իր սէրը հանդէպ աշակերներուն լուալով անոնց աղտոտ ոտքերը:
Յաւերժաւանդ Խորհուրդ Յիսուս գերագոյն Իրականութիւնն է բոլոր ժամանակներուն: Յիսուսի ցոյց տուած "ոտնլուան" դատերգութիւն մը չէՙ, եկեղեցիներու մէջ կատարուելիք, այլ՚ ցուցադրութիւն մը ըլլալէ աւելի գործադրուած առակ, և կատարուած խորհուրդ մըն է:
Քրիստոնեան ի՞նչպէս կրնայ լուալ ոտքերը իր եղբօր կամ քրոջ:
1. Աՙյն քրիստոնեան, որ սիրոյ պակասը ունի ու կը զրպարտէ ուրիշ մէկ հաւատացեալ մը, Յիսուսի հետեւոՙղ քրիստոնեան անմիջա պէս հասնելու է օգնութեան և լուալու է զրպարտութեան աղտը իր եղբօրը կամ քրոջը վրայէն:
2. Բազմաթիւ հաւատացեալներ անգէտօրէն կը բամբասեն ուրիշ ները, իմաստուն հաւատացեալները անմիջապէս լուալու են սոյն բամբասանքին աղտը իրենց եղբօր կամ քրոջ վրայէն, ներկայա ցնելով խնդրին միւս դէմքն ալ:
3. Հեռաձայնը, թէեւ առեւտուրի համար կը գործածուի, սակայն ալ աւելի կը գործածուի, դժբախատաբար, չարախօսութեան և ուրիշ ներու սուտ վկայութեան համար:
Դիոգինէսին (404-323) հարցուցին, թէ ո՞ր կենդանիի խայթոցը ամէնէն վտանգաւորն է: Ան պատասխանեց ըսելով.
«Գիշատիչներէն՚ զրպարտիչինը,
իսկ ընտանիներէն՚ շողոքորթի խայթոցը»:
Անանիա Շիրակացի եօթներորդ դարու լուսաւոր դէմք մըն էր: Անանիա Շիրակացին եւս, Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի և ուսումնասէր այլ հեղինակներու նման լուրջ հալածանքներու ենթարկուած են հայրենիքին մէջ: Ղազար Փարպեցի մեռած է մօտ 85 տարեկանին: Ան Գտաւ հալածանք և զրպարտութիւն, չկամութիւն և անտարբերութիւն:
Աստուածային ու մարդկային մօտեցումներու մէջ սիրոյ հսկայ տարբերութիւնը կը տեսնենք Յովհաննէս Մկրտիչի խոնարհ յայտարարութեան մէջ, ան կ՛ըսէ.
«Ես անոր (Յիսուսի) կօշիկին կապերն իսկ
քակելու արժանի չեմ»
--Ղուկ. Գ. 16:
Իսկ Աստուծոյ Միածինն Յիսուս կը լուայ աշակերտներուն աղտոտ ոտքերը: Ոՙչ միայն Իր սիրելի աշակերտներոՙւն ոտքերը, այլ նայեւ Զինք մատնող Յուդայիՙ ալ ոտքերը: Շատ և չափազանց դժուար է ըմբռնել կեանքի բոլոր ոլորտները թափանցող Յիսուսի սէՙրն ու ողորմութիւնը առ մարդ արարածը: Յիսուսի ձայնը, այսօր ալ, երկնքի խորութիւններէն կը շարունակէ հնչել քաղցր սրինգի նման որ կ՛ըսէ մեզի՚ բոլորիս.
«Եթէ ես՚ Տէրս և Վարդապետս, ձեր ոտքերը լուացի,
դուք ալ պարտաւոր էք իրարու ոտքերը լուալ»:
Մեզմէ քանի՞ անձեր մեՙր ըրած չարախօսութիւնները և բամբասանքները ջանացած ենք մաքրագործել, ու նաեւ ուրիշներու զրպարտութիւնները մաքրել մեր բարեկամներու վրայէն ու սրտերու մէջէն: Պետրոս առաքեալ կը գրէ ըսելով. «Ամենագլխաւորը, եղէՙք համախորհուրդ, կարեկից, եղբայրասէր, ազնուագութ, խոնարհ, չարի փոխարէն չար բան մի հատուցանէք, կամ բամբասանքի փոխարէն բամբասանք»--Ա. Պետ.Գ.8-9:
Բամբասանքը չգոյ պէտք է ըլլայ քրիստոնեաներու միջեւ:
Հաւատացեալ մը ի՞նչպէս կը մաքրագործէ իՙր և ուրիշին գործած բամբասանքները: Նուիրումի և տառապանքի հնոցին մէջ առաւելաբար, ուր կը մաքրազտուի և կը վերընձիւղի հաւատքի ոգին: Թէՙ հաւատքը և թէՙ արուեստը սուրբ և վսեմ են, և անոր սպասարկուները՚ պարկեշտ և մաքրակենցաղ ըլլալու են: Կայ չարութիւն, կայ մեղանչում և այլասերում, բայց կայ նաեւ ստեղծագործութիւն, և բարձր ոլորտ, և աղօթք, և սրբութիւն, և մաքրութիւն:
Երբ եկաւ Սուրբ Հոգին, հաւատացեալները եղան համակ հաւատք, քաջութիւն, ճանաչում, խօսք և սէր: Հաւատացեալը երբ վերջապէս հասնի լոյսի Ակնաղբիւրին՚ Յիսուսի, անզգոյշ թիթեռնիկներու պէս չիՙ մոխրանար անոր բոցին մէջ, այլ կը սրբանայ և կը ստանայ յաւիտենական կեաՙնք:
Մայիս 4, 2000
Թորոնթօ
ՄԱՔՐԱԿԵՆՑԱՂ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ
1. ԱՍՏՈՒԱԾ ՀՈԳԻ Է, ԼՈՅՍ Է, ՍԷՐ Է
2. ՅԻՍՈՒՍ ԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄ ՂԱԶԱՐՈՍԻ
ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ
Յ. «ԵՍ՚ ՏԷՐՍ ՈՒ ՎԱՐԴԱՊԵՏՍ, ՁԵՐ ՈՏՔԵՐԸ
ԼՈՒԱՑԻ, ԴՈՒՔ ԱԼ ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԷՔ
ԻՐԱՐՈՒ ՈՏՔԵՐԸ ԼՈՒԱԼ»
RELEVENT REFLECTIONS FOR
TODAY'S CHRISTIAN
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ
ԱԼՊԷՌ ՆՈՐԱՏՈՒՆԿԵԱՆ
ՀԱՅ-ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ
2000